Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ կիսուած է Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող իրավիճակի վերաբերեալ իր կարծիքով, գրած է Anadolu գործակալութիւնը։
Թուրքիոյ ղեկավարը յիշեցուցած է, որ Փրակի մէջ Եւրոպական քաղաքական համայնքի առաջին հանդիպման ծիրէն ներս հանդիպած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։
«Մենք նեղ կազմով հանդիպում ունեցանք Փաշինեանի, (Ատրպէյճանի նախագահ) Իլհամ Ալիեւի եւ Հունգարիոյ վարչապետ (Վիքթըր) Օրպանի մասնակցութեամբ։ Մենք նաեւ հանդիպում ունեցանք պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ։ Ես «Զանգեզուրի միջանցքի» հարցով խնդիրներ չեմ տեսներ»,-ըսած է Էրտողան։