image

Ալիեւ կ՚օգտագործէ Իրանի հետ յուշագիրը

Ալիեւ  կ՚օգտագործէ Իրանի հետ յուշագիրը

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հաստատած է «Ատրպէյճանի կառավարութեան եւ Իրանի կառավարութեան միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրը Արեւելեան Զանգեզուրի տնտեսական շրջանի եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ Իրանի միջոցով հաղորդակցութեան նոր կապերու ստեղծման մասին», կը յայտնն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:

Այսպիսով, Ատրպէյճանի ղեկավարը «իրաւական հիմք» կը ստեղծէ Հայաստանի նկատմամբ իր տարածքային պահանջներուն համար` միջպետական փաստաթուղթին մէջ ամրագրելով «արեւելեան Զանգեզուր» անուանումը: Յիշեցնենք, որ անուանումը ստեղծուած է 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ` Հայաստանի Սիւնիքի մարզով միջանցք ստանալու Ատրպէյճանի փորձերու ծիրին մէջ:

Պաքուի եւ Թեհրանի միջեւ փաստաթուղթը ստորագրուած է 2022 թուականի Մարտ 11-ին` ատրպէյճանա-իրանեան տնտեսական, առեւտրային եւ մարդասիրական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի 15-րդ նիստի արդիւնքներով:

Նախագիծի շրջանակներուն մէջ կը նախատեսուի չորս կամուրջ, երկու ճանապարհ եւ երկու երկաթուղի, ինչպէս նաեւ կապի եւ ելեկտրամատակարարման ենթակառուցուածքներ կառուցել: Ճանապարհի երկարութիւնը պիտի կազմէ 55 քմ: