Կը թուի, որ սպառնալիքներու տարողութեան խորացումն ու բարձրացումը համաձայնութեան ենթահողի հարթեցման պիտի նպաստեն: Կազայի հրադադարը անպայման իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ Լիբանան-Իսրայէլ կապոյտ գիծին վրայ: Որմէ ետք կը սկսին նոր բանակցութիւններ երկու ուղղութիւններով եւ ըստ էութեան երկու գլխաւոր խաղցողներու հովանաւորութեամբ:
Ուաշինկթընն ու Թեհրանը, որոնք պատերազմի խաղի կանոններու սահմանափակում ճշդած են, այս անգամ կը ճշդեն նաեւ բանակցային կանոնները։
Կազայի մէջ զինադուլի հաստատման ճիգերուն առընթեր, լիբանանեան ուղղութեամբ ռազմաճակատի բռնկման հաւանականութեան մասին պաշտօնական յայտարարութիւններ կը կատարուին, տարածաշրջանային պատերազմի ուրուագծումներ հրամցնելով:
Յայտարարողական մակարդակի վրայ կտրուկ մագլցումներ արձանագրուեցան, երբ Հըզպալլան հրապարակեց իսրայէլեան տարածքներու վրայ գտնուող զգայուն կէտերու քարտէսը: Այլ խօսքով, լիբանանեան ուղղութեամբ իսրայէլեան ոտնձգութիւններու շարունակման եւ զարգացման պարագային Հըզպալլայի ուղերձը այն էր, որ թիրախ են իսրայէլեան ռազմական յենակէտերը:
Յայտարարողական եւ ընդհանուր մթնոլորտի առումով այս հրապարակումը շրջեց իրավիճակը: Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարը պարզ դարձուց, որ իր կառավարութիւնը Հըզպալլայի եւ Լիբանանի դէմ խաղի կանոնները փոխելու որոշումի որդեգրման պահուն շատ մօտ է, եւ թէ համապարփակ պատերազմի ընթացքին Հըզպալլան պիտի ոչնչացուի եւ Լիբանան զգետնիչ հարուած պիտի ստանայ:
Նման ընդգծումներով յայտարարութիւններ նախապէս տարբեր առիթներով հնչած էին Թել Աւիւէն: Նորութիւն կար այս պարագային. Թել Աւիւ պաշտօնապէս կը յայտարարէր, որ իսրայէլեան բանակը Լիբանանի վրայ յարձակումի գործողութիւններու ծրագիր մը վաւերացուցած է:
Նման յայտարարութիւն մը ռազմական գործողութիւններու սանձազերծման առումով աւելի նախազգուշական բնոյթ ունի, քան ուղղակի գործնական: Յարձակումի գործողութիւնները անշուշտ կը մշակուին եւ համապատասխան վաւերացումներու կ՛ենթարկուին: Ռազմագիտական հասկացողութեամբ յարձակումները սակայն ընդհանրապէս կ՛որդեգրեն յանկարծակիութեան ոճը, որ այս պարագային յայտնաբար դիտումնաւոր կերպով կը շրջանցուի: Այսինքն` փոխան յանկարծակիութեան, կը յայտարարուի, որ երկիրը մօտ է ռազմական կանոնները փոխելու որոշումին, ապա որոշումը առնուած է եւ յետոյ` վաւերացուած: Ընթացակարգ մը ամբողջացնելու եւ այդ բոլորին մասին փուլ առ փուլ յայտարարելու վարքագիծ մը կայ, որ աւելի մտածել կու տայ հռետորական սպառնալիքներու եւ սպառնացողին աւելի մեծ սպառնալիքով պատասխանելու ծանօթ կանոնին մասին:
Ամերիկացի պատուիրակին թէ՛ Թել Աւիւ եւ թէ՛ Պէյրութ այցելութիւնը զսպուածութիւն ապահովելու եւ մագլցումը կասեցնելու հրապարակային նպատակին առընթեր ըստ էութեան Կազան եւ հարաւային Լիբանանը փոխկապակցելու մարտավարութիւնը կը ներառէ: Այս առաջադրուած համաձայնութիւնը, որ երեւութապէս կողմեր ունի` իսրայէլեան եւ համասեան, Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի ուղղութիւններով, միջնորդներ ունի Տոհայէն մինչեւ Գահիրէ, ըստ էութեան սակայն Ուաշինկթըն-Թեհրան յարաբերակցութեան վրայ հիմնուած է:
Ա՛յս գլխաւոր խաղցողներն են, որոնք ռազմական գործողութիւնները տեղայնացուած կը պահեն Կազայէն մինչեւ հարաւային Լիբանան եւ մինչեւ Կարմիր ծով:
Այս պարունակին մէջ ալ պէտք է դիտարկել Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով օգնական Պարպարա Լիի յայտարարութիւնը առ այն, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի պատուիրակը կը շարունակէ Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ հարցերը հանդարտեցնելու աշխատանքը: Եւ թէ, Կազայի մէջ զինադադարը Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ սահմանին վրայ լուծումի հասնելու համար բեկում պիտի հանդիսանայ:
Լիբանան-Իսրայէլ սահմանի իրավիճակի բեկումնային փոփոխութեան փոխկապակցուածութեան տեսակէտը կը շեշտէր նոյնինքն ամերիկացի պատուիրակը` ըսելով, որ Կազայի մէջ կայանալիք զինադադարը վերջ կու տայ պատերազմին եւ դիւանագիտական լուծումներու առիթ կ՛ընծայէ, եւ ատիկա նաեւ կրնայ վերջ տալ Լիբանան-Իսրայէլ սահմանի Կապոյտ գիծի երկայնքին տիրող երկարատեւ հակամարտութեան:
Կազայի մէջ իր հարցերը չլուծած Թել Աւիւի շահերէն չի բխիր նոր ռազմաճակատի մը ծաւալումը: Մանաւանդ որ ներիսրայէլեան պետական եւ հասարակական դաշտը պառակտուած է պատերազմը շարունակելու եւ դադրեցնելու ընտրանքներուն միջեւ:
Կը թուի, որ սպառնալիքներու տարողութեան խորացումն ու բարձրացումը համաձայնութեան ենթահողի հարթեցման պիտի նպաստեն: Կազայի հրադադարը անպայման իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ Լիբանան-Իսրայէլ կապոյտ գիծին վրայ: Որմէ ետք կը սկսին նոր բանակցութիւններ երկու ուղղութիւններով եւ ըստ էութեան երկու գլխաւոր խաղցողներու հովանաւորութեամբ:
Ուաշինկթընն ու Թեհրանը, որոնք պատերազմի խաղի կանոններու սահմանափակում ճշդած են, այս անգամ կը ճշդեն նաեւ բանակցային կանոնները:
«Ա.»