image

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Պաշտպանողականներ եւ մեղադրանքներ` քաղաքական մրցապայքարի շրջագիծին մէջ

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Պաշտպանողականներ եւ մեղադրանքներ` քաղաքական մրցապայքարի շրջագիծին մէջ

Արդիւնքը այս բոլորին այն է, որ Ազրպէյճան կ՛արգելակէ հաւաքական Արեւմուտքի միջնորդական առաքելութիւնը կամ երաշխաւորի կարգավիճակը:

Երկու կարեւոր կեցուածքներ Պաքուի կողմէ կ՛ուղենշեն այս բոլորին շարժառիթները: Պաշտօնական Պաքուն երկու առիթով եւ նոյնիսկ նախագահի մակարդակով յղում կատարեց Նախիջեւան-Ազրպէյճան կապի գործարկման անհրաժեշտութիւնը շեշտելով, նոյեմբերեան յայտարարութեան: Այնտեղ յստակ է, որ այդ անցքի գործարկումը պիտի վերահսկեն Ռուսիոյ դաշնութեան սահմանապահ զօրքերը: Հայկական կողմի նոյեմբերեան պարտաւորութիւնը յիշեցնելով` Ազրպէյճանի ղեկավարը ուղերձ յղեց Մոսկուային, թէ Ազրպէյճան պատրաստ է ընդունելու ռուսական վերահսկողութիւնը այս կենսաճանապարհին վրայ: Իսկ տարբեր առիթներով ուղիղ բանակցութիւններ առաջարկելով, ըստ էութեան Պաքուն կը միտի դուրս մղել Արեւմուտքը բանակցային գործընթացէն:

 

 

Եւրոպական Միութիւնը Ազրպէյճանին յստակ ուղերձներ  փոխանցած է, որ այդ երկրին կողմէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում անընդունելի է եւ ծանր հետեւանքներ կ՛ունենայ Եւրոպական Միութիւն-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն վրայ:

Առաջին պարզ ընթերցումով այս դիրքորոշումը կը մեկնաբանուի իբրեւ համաեւրոպական պաշտպանութիւն Հայաստանի: Երկրորդ, մտածել կու տայ, որ Ազրպէյճան նոր յարձակումներ սանձազերծելու կամ նոր ոտնձգութիւններու դիմելու կը պատրաստուի եւ այսպիսով կը զգուշացուի Եւրոպայէն: Աւելի՛ն. Եւրոպան կը սպառնայ Ազրպէյճանին նման քայլի դիմելու պարագային ծանր հետեւանքներով:

Պրիւքսելը, որ կը շարունակէր հաւասար հեռաւորութեան խաղը, պահպանած ըլլալու համար միջնորդի կարգավիճակը, խաղի կանոնի խախտումով, այլ խօսքով` դիրքաւորուելով կը գիտակցի անշուշտ, որ կը կորսնցնէ միջնորդի կարգավիճակը, այնքան ատեն որ հակամարտող կողմերը պէտք է համաձայն ըլլան միջնորդին, ընդառաջեն հրաւէրին եւ մեկնին միջնորդի դերակատարութիւն ստանձնած երկիր` մասնակցելու համար այս պարագային եռակողմ հանդիպումին:

Եթէ ոչ նոյն շեշտադրումներով, այնուամենայնիւ Ուաշինկթընը եւս նման պահուածք ցուցաբերեց, սակայն վերադարձաւ մրցավարի իր դիրքին` կողմերուն միջեւ համաձայնութեան մօտալուտ ըլլալու մասին յայտարարութիւններ կատարելով: Այդ վերադարձը սակայն չկրցաւ ապահովել ուաշինկթընեան հանդիպումը. փաստօրէն Պաքուն մերժած էր ամերիկացի պատուիրակին այցելութիւնը: Պատուիրակը ուրիշ անձ չէ, եթէ ոչ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահն ու կովկասեան հարցերու աւագ խորհրդականը: Ազրպէյճանական մերժումը ուրեմն ուղղուած էր նաեւ ԵԱՀԿ-ի դէմ` արգելակելու համար որեւէ հաւանական փորձ ԵԱՀԿ-ի դերակատարութիւնը վերականգնելու:

Արդիւնքը այս բոլորին այն է, որ Ազրպէյճան կ՛արգելակէ հաւաքական Արեւմուտքի միջնորդական առաքելութիւնը կամ երաշխաւորի կարգավիճակը:

Երկու կարեւոր կեցուածքներ Պաքուի կողմէ կ՛ուղենշեն այս բոլորին շարժառիթները: Պաշտօնական Պաքուն երկու առիթով եւ նոյնիսկ նախագահի մակարդակով յղում կատարեց Նախիջեւան-Ազրպէյճան կապի գործարկման անհրաժեշտութիւնը շեշտելով, նոյեմբերեան յայտարարութեան: Այնտեղ յստակ է, որ այդ անցքի գործարկումը պիտի վերահսկեն Ռուսիոյ դաշնութեան սահմանապահ զօրքերը: Հայկական կողմի նոյեմբերեան պարտաւորութիւնը յիշեցնելով` Ազրպէյճանի ղեկավարը ուղերձ յղեց Մոսկուային, թէ Ազրպէյճան պատրաստ է ընդունելու ռուսական վերահսկողութիւնը այս կենսաճանապարհին վրայ: Իսկ տարբեր առիթներով ուղիղ բանակցութիւններ առաջարկելով, ըստ էութեան Պաքուն կը միտի դուրս մղել Արեւմուտքը բանակցային գործընթացէն:

Վերադառնանք Պրիւքսել եւ հաստատենք անմիջապէս, որ Եւրոպական Միութեան վարիչները գիտակից են, որ հաւասարութեան կանոնի խախտումը կը  խանգարէ միջնորդական առաքելութեան վերստանձնումը: Այս ծանր հետեւանքները կամ եւրոպական բարձրագոյն ատեաններու թէ եւրոպական մայրաքաղաքներու խորհրդարաններուն մէջ հնչող Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու կիրարկման սպառնալիքները խորքին մէջ չյայտարարուող շարժառիթներ ունին:

Խնդիրը կը վերաբերի ուղղակիօրէն Պաքու- Մոսկուա գործարքներուն: Որքան առաջ երթան այդ համաձայնութիւնները, այնքան պիտի սաստկանան եւրոպական քննադատութիւնները ուղղուած` Ազրպէյճանին: Դարձեալ շեշտենք, որ ամերիկեան Քոնկրեսին լսումներուն թէ բանաձեւի նախագիծերուն մէջ հնչող կամ  արձանագրուող խիստ մեղադրականները ուղղուած Ազրպէյճանին չեն առարկայանար Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան մէջ:

Նոյնիսկ Ֆրանսա-Ազրպէյճան դիւանագիտական տագնապը եւ դիւանագէտներու փոխարտաքսումները կազային քաղաքականութեան վրայ չեն ազդած տակաւին:

Արեւմուտքէն հնչած ցեղային զտումներու մեղադրանքներուն կը պատասխանէր խորքին մէջ Մոսկուան, որուն խօսափողը պաշտօնապէս կը յայտարարէր, որ փաստեր չկան Արցախի մէջ արձանագրուած պատահարները ցեղային զտում համարելու…

Արեւմուտք-Ռուսիա մրցապայքարի տրամաբանութեամբ պիտի ընկալել թէ՛ Ազրպէյճանի ուղղուած մեղադրանքները, թէ՛ Ազրպէյճանի պաշտպանութիւնը: Ցեղային զտումի համարումը եւս ունի քաղաքական շարժառիթ: Ցեղային զտումի մերժումը այս պայմաններուն մէջ որքան Ազրպէյճանի պաշտպանութիւնն է Մոսկուայի կողմէ, այնքան նաեւ Մոսկուայի ինքնապաշտպանութիւնը` Արեւմուտքէն:

 

«Ա.»