image

Աջերու յաջողութեան պարագային, Մաքրոն կրնայ հրաժարական տալ. Europe 1

Աջերու յաջողութեան պարագային, Մաքրոն կրնայ հրաժարական տալ. Europe 1

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն չի բացառեր իր հրաժարականը Եւրոխորհրդարանի ընտրութիւններուն իր կուսակցութեան լիակատար ձախողումէն եւ աջակողմեաններու յաջողութենէն ետք։ Տեղեկութիւնը յայտնած է «Europe 1»-ը:

Ռատիոկայանի տուեալներով՝ Մաքրոն իր մերձաւոր շրջապատի հետ կը քննարկէ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն աջերու հնարաւոր յաղթանակը:

«Հրաժարականը թապու չէ։ Այո՛, այսօր մենք պէտք է հաշուի առնենք բոլոր սենարները։ Ան պատրաստ է զոհաբերելու իր նախագահական ժամկէտի աւարտը»,-մէջբերած է ռատիոկայանը Ֆրանսայի նախագահի շրջապատին մէջ գտնուող իր աղբիւրի խօսքը։

Նշենք, որ Ֆրանսայի նախագահը Եւրոխորհրդարանի ընտրութիւններուն իր կողմնակիցներու պարտութենէն ետք յունիս 9-ին ցրած է Ազգային ժողովը: Անոր «Վերածնունդ» կուսակցութիւնը ստացած է ձայներու 14,6 տոկոսը՝ երկու անգամ աւելի քիչ, քան աջակողմեան «Ազգային միաւորումը» (31,4 տոկոս)։