Հալէպահայ լրագրող Յովիկ Շէհիրեանի կարծիքով Իսրայէլ ծրագրուած կերպով Հալէպի եւ Դամասկոսի օդանաւակայանները կը հարուածէ վրէժ լուծելու համար Սուրիայէն։
Շէհիրեան, որ այսօր տեսանիւթ մը ուղարկեց «Արեւելք»ին նաեւ նշեց, որ թէեւ եղած գրոհները նորութիւն մը չեն, սակայն անոնց յաճախակի ըլլալը, որոշակի մտահոգութիւն կ՚առաջացնէ Սուրիոյ հասարակութեան մօտ։
Ան նաեւ նշեց, որ այդ հարուածներուն զուգահեռ Սուրիոյ մէջ իրենց գոյութիւնը պահպանող ահաբեկչական միաւորումներ կը փորձեն «պղտոր ջուրերու մէջ ձուկ որսալ» ու ԱԹՍ-ներու ճամբով խաթարել Սուրիոյ տարբեր շրջաններու անվտանգութիւնը։
Մնացածը՝ տեսանիւթով։
«Ահաբեկչական խմբաւորումները կը փորձեն օգտուիլ Սուրիոյ ուղղուած Իսրայէլի հարուածներէն».Հալէպահայ լրագրող՝ Յովիկ Շէհիրեան@arevelk1 pic.twitter.com/rJOgFIZniA
— arevelk.am (@arevelk1) October 15, 2023