Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ամէն տարուայ պատարագին ընդառաջ նախապատրաստական աշխատանքները աւարտած են:
Այս մասին տեղեկացուցած է Վանի նահանգապետարանի կայքը։
Պատարագը պիտի մատուցուի 5 Սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 09:00-ին: Պատարագի ընթացքին՝ ժամը 09:00-էն մինչեւ 12:00-ը կղզին փակ պիտի մնայ այցելուներուն համար:
Ինչպէս «Արեւելք» աւելի վաղ նշած էր, «Քորոնա» ժահրի համավարակի պատճառով, պատարագին մասնակցելու համար թոյլ պիտի տրուի կղզի այցելել միայն նախապէս արձանագրուած սահամանափակ թիւով անձերու: