«Կոմերսանտ»ի, զրուցելով տարածաշրջանային իրավիճակին ծանօթ պաշտօնեայի մը հետ՝ կը տեղեկացնէ, որ Ռուսիա առաջարկած է բանալ Աղդամի եւ Լաչինի ճամբաները, բան մը, որուն շուրջ համաձայն էին ատրպէյճանական եւ ղարաբաղեան կողմերը:
Ըստ վերոնշեալ պաշտօնեային՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով առաջարկած էր նախ բանալ Աղդամի ճամբան, ուրկէ Կարմիր Խաչի ինքնաշարժները Լեռնային Ղարաբաղ պիտի մատակարարէին այն, ինչը անհրաժեշտ է, իսկ մէկ օր ետք, ըստ Մոսկուայի առաջարկին, պիտի բացուէր Լաչինի ուղին:
«Այս տարբերակը բարձր աստիճանի պատրաստուածութեան բերուած էր», նշեց «Կոմերսանտ»ի զրուցակիցը:
Բայց, ըստ անոր, Ղարաբաղի հայերը պայման դրած էին, որ Լաչինը բացուի ոչ թէ մէկ օր ետք, այլ միաժամանակ, իսկ ապա պահանջած էին, որ Աղդամով ատրպէյճանական ապրանքներ չմատակարարուին: Աւելի ուշ պատահեցաւ Վագիֆ Խաչատրեանի հետ դէպքը, եւ փոխզիջումը տեղի չունեցաւ:
Ըստ «Կոմերսանտ»ի զրուցակիցին՝ Մոսկուան իրավիճակը շատ լուրջ կը գնահատէ եւ կը սեպէ, որ Պաքու հակամէտ չէ զիջումներու:
«Իրավիճակը ձեւով մը հանդարտեցնելու բոլոր փորձերը, որոնց կը ձեռնարկենք մենք, արեւմտեան, միջազգային կազմակերպութիւնները, ոչ մէկ բանի կը յանգեցնեն: Պաքու չի զիջիր», ըսաւ պաշտօնեան՝ աւելցնելով, որ Ղարաբաղի իշխանութիւնները եւս կը յամառին, մասնաւորպէս կը մերժեն Աղդամի ճամբան օգտագործելու տարբերակը:
Ըստ ռուս պաշտօնեանին` ամէն պարագայի Աղդամի ճամբան պիտի բացուի։