image

9 Մայիսի առթիւ. Արցախի մէջ «Լռութեան րոպէ» (Տեսանիւթ)

9 Մայիսի առթիւ. Արցախի մէջ «Լռութեան րոպէ» (Տեսանիւթ)

Արցախի Հանրապետութեան մէջ յայտարարուած է Լռութեան րոպէ՝ Մեծ Հայրենականի, Արցախեան առաջին, Ապրիլեան եւ 44-օրեայ պատերազմներուն յանուն Հայրենիքի զոհուածներու յիշատակին:

Լռութեան րոպվվն անմիջապէս յետոյ Ստեփանակերտի Աստուածամօր Սուրբ Հովանի Մայր Տաճարին մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ` ի յիշատակ նահատակուած հերոսներուն:

Ապա Ստեփանակերտի Աստուածամօր Սուրբ Հովանի Մայր Տաճարէն Հայոց բանակի պահապան Աշոտ Երկաթի պատմական Սուրբ Խաչի առաջնորդութեամբ մեկնարկեց Խաչերթ դէպի Ստեփանակերտի յուշահամալիր:

«Մենք ենք, մեր սարերը» յուշարձանի յարակից տարածքին մէջ նախատեսուած է «Յաղթանակի ակնթարթներ» մշակութաժամանցային ծրագիր․ աւանդական խաղեր, նկարչութիւն, «Նաղաշ» մշակութաժամանցային ծրագիր, դաշտային խոհանոցի ծաւալում: