image

4 Տարի առանց Շարլ Ազնաւուրի

4  Տարի առանց Շարլ  Ազնաւուրի

1 հոկտեմբերը մեծանուն երգահան՝ Շարլ Ազնաւուրի մահուան օրն է:

Չորս տարի առաջ մենք որբացանք. կեանքէն հեռացաւ մեծն երգահան Շարլ Ազնաւուրը։ Ընդ որում, ինչու միայն մենք։ Ամբողջ երաժշտական աշխարհը։ Ֆրանսերէն ոչ մէկ բառ իմանալով՝ մարդիկ այնպէս կը ձայնակցին անոր, կարծես այդ անոնց մայրենի լեզուն է։ Ան գիտէր՝ ինչպէս հասնիլ իւրանքանչիւրի սրտին, ան մարդիկ կը սիրէր անոնց բոլոր թուլութիւններով, ան կ'երգէր անոնց համար եւ անոնց մասին։

Այսօր մենք զինք կը յիշենք լուսաւոր տխրութեամբ։ Ու նորէն կ'երգենք։ Երգած ենք ու կ'երգենք, թէկուզ յաճախ չիմանալով ֆրանսերէն գեղեցիկ բառեր, փոխարէնը սիրով։  Երաժշտագէտ մաեստրոյի հանդէպ մեծ ու նուիրուած սիրով։

 

Լուրը՝ News.am-էն: