image

3 Հայուհիներ յաղթական Քէպէքի նահանգային ընտրութիւններուն

3 Հայուհիներ յաղթական Քէպէքի նահանգային ընտրութիւններուն

3 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած Գանատայի Քեպեք նահանգի խորհրդարանական ընտրութիւններուն իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած երեք հայ թեկնածուները՝ Միշէլ Սեթլաքուի (Parti Libéral du Québec), Սելին Հայթայեան (Coalition Avenir Québec) եւ Սոնա Լախոյեան (Parti Libéral du Québec) յաղթանակ արձանագրեցին եւ ընտրուեցան Քեպեքի խորհրդարանի անդամ։

Սոնա Լախոյեան աւարտած է Քոնքորտիա համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու ճիւղը եւ նոյն համալսարանէն տիրացած է հանրային վարչարարութեան (public administration) մագիստրոսի վկայականին։ Յաջորդական 7 տարիներ եղած է Լավալ քաղաքի կրթական յանձնաժողովի անդամ։ Ան գործօն մասնակցութիւն ունի հայ համայնքին մէջ, իր գործունէութիւն տանելով ՀՄԸՄին եւ Հայ Դատի յանձնախումբին համար։ Ան Loto Quebec-ի պաշտօնեայ է։ Իր թեկնածութիւնը առաջադած էր՝ իբրեւ Շոմտէ ընտրատարածքի Ազատական կուսակցութեան թեկնածու։

Սելին Հայթայեան տնտեսութեան զարգացման մասնագէտ է եւ Harvard Business Review-ի խորհրդատու։ Ան «Իւպիսոֆթ» ընկերութեան միջազգային յարաբերութիւններու բաժինի տնօրէնն է։ Ան 7 տարիներ պաշտօնավարած է Մոնթրէալի քաղաքապետութեան մէջ։ ՄըքԿիլ համալսարանին մէջ ան ուսանած է իրաւագիտութիւն։ Հայթայեան Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի շրջանաւարտ է։ Իր թեկնածութիւնը ան առաջադրած է՝ իբրեւ Լավալ-տէ-Ռափիտ ընտրատարածքի Coalition Avenir Québec իշխող կուսակցութեան թեկնածու։

Իրաւաբան Միշէլ Սեթլաքուի հինգ տարիներ եղած է Մոն Ռուայալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եւ 2021ին առաջադրած էր իր թեկնածութիւնը՝ իբրեւ Մոն Ռուայալի քաղաքապետ, սակայն չյաջողեցաւ։ Իբրեւ իրաւաբան՝ Սեթլաքուի իր մասնագիտական վկայականը ստացած է Մոնթրէալի համալսարանէն։ Անոր հօրեղբայրը ծերակուտական Ռէյմոն Սեթլաքուին (1928-2021) է. ան կարեւոր ներդրում ունեցած էր Գանատայի Ծերակոյտին  եւ խորհրդարանին  կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծերու վաւերացման աշխատանքներուն մէջ։ Միշէլ Սեթլաքու իր թեկնածութիւնը առաջադրած էր՝ իբրեւ Մոն Ռուայալ-Ութրըմոն ընտրատարածքի Ազատական կուսակցութեան թեկնածու