Արցախի հարցով համաձայնութեան գալու հնարաւորութիւն կար 2018-ին, երբ Հայաստանի մէջ իշխանութիւն փոխուեցաւ. այն ժամանակ Հայաստանի նոր կառավարութենէն հաւաստիացումներ ստացանք, որ տարածքները պիտի վերադարձուին։ Այս մասին Պաքուի համաշխարհային ֆորումին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:
«Հնարաւո՞ր էր խուսափիլ ռազմական լուծումէն: Այո՛, եւ երէկ մենք այս հարցը լայնօրէն քննարկած ենք խորհուրդի անդամներու հետ։ Եւ ես քիչ մը բարձրացուցի վարագոյրը՝ անոնց որոշ մանրամասներ յայտնելով։ Համաձայնութեան գալու հնարաւորութիւն կար 2018-ին, երբ Հայաստանի մէջ իշխանութիւն փոխուեցաւ. այն ժամանակ Հայաստանի նոր կառավարութենէն հաւաստիացումներ ստացանք, որ կը վարուին միջազգային իրաւունքին համապատասխան, եւ տարածքները կը վերադարձուին։ Նման ակնկալիքներ ունէինք։ Եթէ այն ժամանակ Հայաստանի նոր իշխանութիւնը նախընտրեր իրեն պահել այնպէս, ինչպէս հիմա, ապա մեր ինքնիշխանութեան հարկադիր վերականգնման կարիք չէր ըլլար», -ըսած է Ալիեւ։
Անոր պնդմամբ՝ 2019 թուականին Հայաստանի նոր ղեկավարութիւնը բացարձակապէս «անընդունելի» առաջարկներ ներկայացուցած է, օրինակ՝ պահանջած է, որ Ատրպէյճանը բանակցի «անջատողականներու» (Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները-Խմբ.) հետ։ Ըստ Ալիեւի՝ Հայաստանը պատրաստ չէր ոչ մէկ թիզ վերադարձնելու՝ տարածքներէն:
«Աւելին, Հայաստանի վարչապետի յայտնի կարգախօսը, թէ «Ղարաբաղը Հայաստան է» (Արցախը Հայաստան է եւ վե՛րջ-Խմբ.), նախ միջազգային իրաւունքի բացարձակ խախտում է, երկրորդ՝ չափազանց յաւակնոտ երկրի մը համար, որ կը կարծէր, որ կրնայ յաւերժ պահել մեր հողերը», -ըսած է Ալիեւ։