image

10 տարուայ լրագրութիւն եւ այսօր երկրի ղեկավար. Լափիտ ստանձնեց Իսրայէլի վարչապետի պաշտօնը

10 տարուայ լրագրութիւն եւ այսօր երկրի  ղեկավար. Լափիտ ստանձնեց  Իսրայէլի  վարչապետի պաշտօնը

«Եշ Աթիտ» կուսակցության առաջնորդ Եաիր Լափիտ այսօր՝ Յուլիս 1-ին, դարձած է Իսրայէլի կառավարության ղեկավար։ 

Կը նշուի, որ ան պիտի գլխաւորէ ժամանակաւոր կառավարութիւնը Նոյեմբեր 1-ին կայանալիք համապետական ընտրութիւններու նախաշեմին:

«Մենք պիտի ընենք մեր ուժերէն կախուած ամէն ինչ` հզօր եւ բարգաւաճող հրէական ժողովրդավարական պետութեան համար, քանի որ սա մեր գործն է եւ ամենակարեւորը», ըսած է Լափիտ պաշտօնաթող վարչապետ Նաֆթալի Պենեթի լիազօրութիւններու փոխանցման արարողութեան ժամանակ:

Ան նաեւ ընդգծած է, որ երկիրը պէտք է վերադառնայ «իսրայէլեան միասնութեան հայեցակարգին»:

«Նոյնիսկ եթէ մենք երթանք ընտրութիւններու մի քանի ամիսէն, մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները պիտի չսպասեն: Մենք պէտք է լուծենք կեանքի աճող ծախսերու խնդիրը, արշաւ տանինք Իրանի, Համաս-ի եւ Հեըզպալլայի դէմ եւ դիմակայենք այն ուժերուն, որոնք կը սպառնան Իսրայէլը վերածել ոչ- ժողովրդավարական երկրի», ըսած է Լափիտ:

Հրատարակութիւնը յիշեցուցած է, որ Լափիտ նախկին հեռուստահաղորդավար է: Ան քաղաքականութիւն մտած է ընդամէնը տասը տարի առաջ: