Թուրքիա – («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս) Ըստ «Տէյլի Սապահ»ի, Ռուսիա- Թուրքիա լարուածութեան մթնոլորտին իբրեւ հետեւանք ռուսական կողմը յաւելեալ նոր զէնքեր տեղակայած է Հայաստանի մէջ: Թերթը յղում ընելով Ռիա-Նովոսթի ռուսական լրատուական գործակալութեան նշած է, որ Երեքշաբթի օր Ռուսաստան գրոհային եւ փոխադրամիջոցի համար օգտագործուող ուղղաթիռներ տեղակայած է, ամրապնդելու իր ռազմակայանը Հայաստանի մէջ:Աղբիւրը կը տեղեկացնէ նաեւ, որ ընդհանուր եօթ M-24 եւ MI-8 տեսակի ուղղաթիռներ արդէն տեղակայուած են Երեւանի մօտ գտնուող Էրէբունիի ռազմակայաին մէջ եւ մէկ ուղղաթիռներու խմբաքանակ պիտի փաշխուի ռազմակայանին մինչեւ տարեվերջ, նշելով, որ ռազմակայանը կը գտնուի Թուրքիոյ հիւսիս արեւելեան սահմանէն 15 քմ հեռաւորութեան վրայ: Թրքական թերթը նաեւ կը հաղորդէ, որ Ռուսաստան ռազմակայան մը եւս ունի Կիւմրիի մէջ, որ կը նկատուի Հայաստանի Հիւսիս-արեւմտեան կողմը գտնուող երկրորդ ամենամեծ քաղաքը, Հայաստան-Թուրքիա սահմանին մօտ: Մօտաւորապէս 3,000-էն 5,000 զօրագունդեր եւ բազմազան զինուած փոխադրամիջոցներ տեղակայուած են Կիւմրիի ռազմակայանին մէջ, համաձայնութիւն տալով, որ ռազմական միաւորները գիշերապահութեան պարտականութիւն կատարեն Թուրքիոյ եւ Իրանի սահմանին տարածքին: