Լիբանան- Լարուած իրավիճակ կը տիրէ Պէյրութի մէջ: Հարիւրաւոր ցուցարարներ հասնելով Ռիատ Սոլհ հրապարակին մօտ գտնուող «Ալ Նահար» օրաթերթի շէնքին մօտ կը փորձեն ապահովական ուժերու դրած արգելքները եւ փշաթելերը վերցնել եւ մուտք գործել «Ալ Նըժմէ» հրապարակ, ուր կը գտնուի Լիբանանեան խորհրդարանի շէնքը: Ցուցարարները, որ անդամ են աղբահանութեան տագնապին հետեւանքով կազմուած խմբաւորումներուն նպատակ դրած են մուտք գործել հրապարակ: Այս պահուն հրմշտուք կը գրանցուի մէկ կողմէ ցուցարարներուն եւ միւս կողմէ ապահովական մարմիններուն միջեւ: Տասի չափ ցուցարաներ նուաղելով փոխադրուած են հիւանդանոց: Կացութիւնը կը մնայ լարուած: