Թուրքիա («Թուտէյզ Զաման»- Պոլիս) Պոլիս հրապարակուող «Թուտէյզ Զաման» թերթի աշխատակից Մահիր Զէյնալովի Թուրքիա վերադառնալու դէմ դրուած արգելքները չեն վերացած: Այս մասին կը գրէ պարբերականը, որ նաեւ կը հաղորդէ, թէ Անգարայի վերադատ մէկ ատեանը յայտարարած է, թէ Զէյնալովի Թուրքիա վերադառնալու դէմ առկայ արգելքը երկարաձգուած ցնոր տնօրինութիւն: Թերթը կը յիշեցնէ, որ Զէյնալով երկրէն արտաքսուած էր Փետրուար 2014-ին պետական մարմիններուն դէմ իր կատարած Twitt-ներուն համար, եւ անոր գրառումներու մէջ առկայ էր « հասարակական կարգը խախտելու յստակ միտում»: Այլախոհութեան մեղադրանքով ամբաստանուած Զէյնալով ներկայիս հաստատուած է Ուաշինկթընի մէջ: