image

Թուրքիոյ Ոստիկանութիւնը Կը Ձերբակալէ 2 Ռուսեր

Թուրքիոյ Ոստիկանութիւնը Կը Ձերբակալէ 2 Ռուսեր

Տիարպէքիր- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)- Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը Ուրբաթ օր ձերբակալած է 2 ռուս քաղաքացիներ, որոնք խումբ մը այլ մարդոց հետ փորձած էին անցնիլ ներկայիս պարետային ժամ յայտարարուած Տիարպէքիրի Սուր շրջանի տարածքը, այս մասին կը տեղեկացնէ «Սապահ»ը: Թերթը կը հաղորդէ նաեւ, թէ խումբը, որ նպատակ ունեցած է ցոյցի երթ  կատարել Ենիշէհիրէն մինչեւ Սուր փողոց, Էքինսիլէր թաղամասի մօտ բախում ունեցած է եւ քարեր արձակած է ոստիկանութեան վրայ, որ արգելափակած էր անոնց մուտքը դէպի Սուր, փորձելով ցրել խումբը:Կը նշուի, որ Սուրի մէջ պարէտային ժամի  յայտարարութիւնը տակաւին կը շարունակուի 17 օրերէ ի վեր,  շրջանը   վերահսկողութեան տակ առնելու   նպատակով: