Հիւսիսային Քորէա- («Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Թուրքիան դատապարտած է Հիւսիսային Քորէայի կողմէ հեռահար հրթիռի արձակումը, զայն բնութագրելով՝ խախտում միջազգային համաձայնութիւններուն: Այս մասին կը գրէ «Տէյլի Սապահ», նշելով, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարութեամբ հանդէս գալով յայտնած է, որ սա արհամարհանք կը նկատուի Քորէայի կողմէ՝ ընդհանուր տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան եւ կայունության դէմ :Թուրքիոյ նման արձագանգը եկած էր Հիւսիսային Քորէայի այն յայտարարութենէն ետք, որ յաջողութեամբ պայթեցուցած է ուղեծիրի արբանյակը: Ըստ Բիոնկ Եանկի լրատուամիջոցներու պաշտօնական յայտարարութեան, Հարաւային Քորէայի ռազմական պաշտօնեան, խոստովանած է, որ հրագունդը (հրթիռը) մտած է ուղեծիր: Նախարարութեան յայտարարութեան մեջ ըսուած է, որ Անգարան «խորապէս մտահոգուած է հնարաւոր բացասական հետեւանքներէն, եւ սա անպատասխանատու քայլ է Հիւսիսային Քորէայի կողմէ, հակառակ բոլոր միջազգային զգուշացումներուն»: Ան նաեւ աւելցուցած է, կոչ ընելով Հիւսիսային Քորէային, որ այսուհետ կրէ իր պարտաւորութիւնները, որոնք նշուած են ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւերուն մէջ: Յայտարարութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ Թուրքիան կը կարեւորէ Քորէական թերակղզին զերծումը միջուկային զէնքէն եւ կը խրախուսէ անյապաղ վերսկսումը բազմակողմ բանակցութիւններուն, որ պարբերական կերպով իրականացուած էր վերջին տասնամեակին, ԱՄՆ-ի, Ռուսաստանի, Չինաստանի, Ճափոնի եւ երկու Քորէաներու միջեւ: Կը նշուի նաեւ, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը հաւաքուած էր դռնփակ նիստի մը, քննարկելու այդ հարցը՝ Հարաւային Քորէայի, Ճափոնի եւ ԱՄՆ-ի խնդրանքին, խստօրէն դատապարտելով հեռահար հրթիռի արձակումը, եւ որոշելու պատժամիջոցներու նոր բանաձեւ մը: