Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս) Թուրքիա եւ Քաթար ջնջած են իրենց միջեւ առկայ վիզային դրութիւնը: Ըստ նոր կարգադրութեան երկու երկիրներու քաղաքացիները փոխադարձ անվճառ մուտքի արտօնութիւն պիտի ունենան: Այս մասին այսօր գրած է «Տէյլի Սապահ»ը, որ նաեւ կը գրէ, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէփ Թայէպ Էրտողան Տոհայի մէջ ընդունուած է Քաթարի Թամիմ իշխանին կողմէ եւ երկու երկիրներու ղեկավարները բարձր մակարդակի բանակցութիւններ վարելէ ետք ստորագրած են տասնեակ համաձանագրեր, որոնց ամէնէն ուշագրաւը մուտքի արտօնագիրներու ջնջման համաձանութիւնն է: