Թուրքիա- Թրքական աղբիւրներ այսօր գրած են 4 տարեկան սուրիացի երեխայի մը դիակի մը յայտնաբերման մասին: Նշենք, որ երեխան սուրիացի գաղթական ընտանիքի մը անդամն է, որուն հարազատներուն անդամներուն մասին տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր: Կը կարծուի, որ 18 Նոյեմբերին երեխան եւ անոր ընտանիքը դէպի յունական ցամաք փոխադրող լաստանաւը ընկղմած ըլլայ Էգէականի Թիլլէ կղզիին մօտակայքը: Յիշեցնենք, որ այս երկրորդ անգամն է, որ սուրիացի երեխայի դին մը կը յայտնաբերուի թրքական ցամաքին մօտ. ռաջին դէպքը գրանցուած էր անցնող Սեպտեմբերին, երբ ծնունդով քիւրտ սուրիացի Այլան Քրտիի 3 տարեկան երեխային դիակը գտնուած էր: