Թուրքիա- («Ալ-Հայաթ»-Լոնտոն)- Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ ստեղծուած ճգնաժամի հետեւանքով Թուրքիոյ նախագահական պալատի եւ ռազմական գլխաւոր վարչութեան միջեւ անհամաձայնութիւններու պատճառը բանակի կողմէ հրապարակուած լուրն է, ուր հաղորդուած է, որ ռուսական օդանաւի վարբերումը կատարուած էր պետական հրահանգով, եւ քաղաքական ղեկավարութիւնը ինք պիտի կրէ հետեւանքներու պատասխանատութիւնը, այս մասին կը հաղորդէ լիբանանեան «Ալ-Հայաթ»ը: Կը տեղեկանանք նաեւ, որ միաժամանակ կառավարութեան մօտիկ թերթեր փորձած էին մեղադրել կարգ մը բանակայիններ՝ դիտաւորեալ կերպով Ռուսաստանի հետ ճգնաժամ ստեղծելու եւ Էրտողանին նեղ կացութեան մատնելու մէջ: Նոյն աղբիւրը կը նշէ, որ երկու օր շարունակուող դիւանագիտական ջանքերու ապարդիւն մնալէն ետք Անգարա աստիճանաբար թէժացման ծրագիր դրած է Մոսկուայի դէմ, որուն իրականացումը պիտի սկսի գալ շաբաթ, եթէ Փութին շարունակէ Երեքշաբթի օր Էրտողանի հետ Փարիզի մէջ հանդիպումը մերժել: Ըստ թերթին, Էրտողանի ծրագիրը կը ներառէ համապատասխան վերաբերմունք ռուսական տնտեսական պատժամիջոցին, ինչպէս նաեւ թուրք քաղաքացիներու թելադրել չմեկնիլ Մուսկուա, բացի անհրաժեշտ պարագաներու, յատկապէս 30 թուրք առեւտրականներու Մոսկուա մուտքը արգիլուելէն ետք: Այլ գետնի վրայ եւ ըստ դիւանագիտական աղբիւրներու հաղորդած տեղեկութիւններուն, Թուրքիա պիտի ջանայ Սուրիոյ մէջ զինեալ խմբաւորումները ձեռքը ինկած ռուս օդաչուին դիակը Յորդանանի միջոցաւ յանձնել Ռուսիոյ, որպէս Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ ստեղծուած լարուածութեան մեղմացման փորձ: