Այսօր Սուտանի մայրաքաղաք Խորթումի մէջ իր մահկանացուն կնքեց Հասան Թուրապին: 84 տարեկան քաղաքական յայտնի գործիչը կարեւոր եւ երեւելի դեր ունեցած է Սուտանի արդի պատմութեան մէջ: 1932-ին Քասլայի մէջ ծնած Թուրապի իր քաղաքական կեանքը սկսած է 1964-ին, աւարտելէ ետք Սորպոնը: 1988-ին ստանձնած է Սուտանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը, իսկ 1996-ին ընտրուած է երկրի խորհրդարանի նախագահ: 1998-ին ընտրուած է Սուտանի իշխող «Ազգային համագումար» կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար: 1999 -ին Սուտանի նախագահ Օմար Հասան Ալ Պաշիրին հետ իր ունեցած տարակարծութեան պատճառով կը հեռացուի իշխանական համակարգէն եւ կը հիմնադրէ «Ժողովրդային համագումար» կուսակցութիւնը, որուն նախագահութիւնը կը վարէ մինչեւ իր մահը: Հասան Թուրապի յայտնի անուն է Սուտանի մէջ եւ անոր մօտեցումները հիմնուած են խաղաղ միջոցներով քաղաքական պայքար ծաւալելու մեթոտներուն վրայ: