Սուրիա- Սուրիոյ հիւսիսային հատուածին մէջ քիւրտերը նոր հիմնուած քանթոնի մը մասին յայտարարած են: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ CNN Turk-ը: Աղբիւրը նաեւ կը գրէ, թէ քանթոնը կը ներգրաւէ այն հատուածները, որոնք քիւրտ զինեալներուն ձեռամբ ազատագրուած են ISIS-ի լուծէն եւ Քանթոնի կեդրոնական շրջանը կը համարուի «Թալ Ապեատ» աւանը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ այս քայլով քիւրտերը իրենց տիրապետութեան տակ առած կ'ըլլան Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններու մեծագոյն հատուածը: