«Արեւելք» տեղ կու տայ Հալէպահայ գրող ՝ Յակոբ Նալպանտի սոյն յօդուածին յարգելով կարծիքի ազատութիւնը եւ անգամ մը եւս յիշեցնելով, որ հոն արտայայտուած մտքերը կը ներկայացնեն յօդուածը ստորագրողին մօտեցումները։
27 Մայիս 2018-ին Քաթարի պետութեան մօտ Ատրպայճանի դեսպանատունը կազմակերպած էր «Ատրպայճանի անկախացման օր»ուան տօնակատարութիւն եւ պաշտօնական ընդունելութիւն, ուր Ազերի դեսպանը՝ Թուֆիք Ապտուլլաէւը կը յայտարարէր Քաթար-Ատրպայճանական դաշնակցային եւ ռազմավարական յարաբերութիւններու զարգացման համար նախատեսուած ծրագրի մը մեկնարկումը։ Ան նաեւ սրտանց շնորհաւորէր Քաթարի իշխանութիւնները տարբեր բնագաւառներու մէջ իրենց նեցուկ կանգնելու համար, ներառեալ «Արցախի հարց»ին վերաբերեալ Քաթարի ցուցաբերած անկեղծ եւ ճիշդ կեցուածքներուն համար (դիտարկումը Ատրպէյճանցի դեսպանին են)։ Ապտուլայէւ կը հպարտանար, որ 2018-ին Պաքու այցելած են աւելի քան 12 հազար Քաթարի քաղաքացիներ:
Երկու օր առաջ ՀՀ նախագահը այցելեց Քաթար, որոշակի համաձայնութիւններ, պայմանաւորութիւններ, բրօթօքոլներ քննարկուեցան եւ ստորագրուեցան, որոնցմէ մէկը՝ Քաթար ՀՀ քաղաքացիներու առանց վիզայի մուտքի արտօնութիւնն էր։
Քայլը քաջալերական է, օգտաշատ եւ հնարաւոր է այս քալէն շահին ՀՀ քաղաքացիները, որովհետեւ Քաթարը կը համարուի աշխարհի ամենաբարձր եկամուտ ունեցող երկիրներէն մին, եւ այսպիսով նոր աշխատատեղերու հնարաւորութիւն կը բանայ եւ հնարաւոր կը դարձնէ, որ QATAR AIR-ը «Զուարթնոց» օդակայանը օգտագործէ իբր անցողիկ կէտ:
Սակայն չմոռնանք, որ Քաթարը համաշխարհային ահաբեկչութեան գլխաւոր հովանաւորն է: «Մուսուլման Եղբայրներ» ահաբեկչական կազմակերպութեան գլխաւոր կեդրոնը կը գտնուի Տոհայի մէջ եւ կը վայելէ Քաթարի կառավարութեան հովանաւորութիւնն ու աջակցութիւնը: Քաթարի «Ալ Ճազիրէ» լրատուական ալիքը «արաբական գարուն» կոչուած շինծու յեղափոխութիւնները խթանող գլխաւոր ալիքն էր, որ պատճառ դարձաւ արաբական կարգ մը երկիրներու մէջ վարչակարգերու տապալման եւ այդ երկիրները մղեց դէպի անկայունութիւն, որ կը շարունակուի մինչեւ օրս:
Քաթարը Թուրքիոյ ամենասերտ դաշնակիցն է: Թուրքիա՝ Քաթարի մէջ ունի զինուորական խարիսխ եւ մեծ թիւով զինուորներ: Քաթարի նիւթական հսկայ օժանդակութեամբ, Թուրքիոյ կողմէ կազմուեցան աւազակախմբեր, որոնք օրն ի բուն ռմբակոծեցին Հալէպն ու տեղի հայկական թաղերը, որոնց հետեւանքով ալ ունեցանք 100-է աւելի հայ զոհեր: Քաթարը թրքական գաղտնի սպասարկութիւններու համար հնարաւոր է օգտագործուի , որպէս «տրոյական ձի» Հայաստան ներթափանցելու, այնտեղ անկայուն վիճակ ստեղծելու համար:
ՀՀ-ի յարգարժան նախագահ, վարչապետ եւ պատկան մարմիններ, անպայման որ պէտք է տարբեր ուղղութիւններով, կենսական կապեր ստեղծել, սակայն երկիրներ կան, որոնց քաղաքացիներու ազատ մուտքի ժամանակ, մեզմէ կը պահանջուի ծայրագոյն զգուշութիւն եւ արթուն վիճակ անշուշտ մեր երկրի բարձր շահերէն մեկնած:
Յակոբ Նալպանտ Տլտլեան
Հալէպ