image

Պուրճ Համուտ՝ Լիբանանահայութեան Մշակութային Օրրանը. Al Jazzera.com(Լուսանկարներ)

Պուրճ Համուտ՝ Լիբանանահայութեան Մշակութային Օրրանը. Al Jazzera.com(Լուսանկարներ)

Ըստ  Al Jazzera.com կայքին` Պուրճ Համուտը դարձած  է Պէյրութի ստեղծագործ երիտասարդութեան վայրը եւ բազմազանութիւններով հարուստ թաղամաս մը: Ըստ աղբիւրին, լիբանանցի եւ սուրիացի վարորդներու շրջաններու անուններ տալը, եթովպիացի կանանց սպիտակ շարֆերով եկեղեցիէն տուն վերադարձը, հարաւ-ասիական գաղթական աշխատողներու` Հնդկաստանի անկախութեան տօնակատարութեան նշումը՝ իրենց  կառուցած հանդիսութեան սրահէն ներս եւ ամէն անկիւնի վրայ հաւաքուած սուրիացի փախստականներու սուրճի հաւաքները, աւելի ներքեւ՝ ձկնավաճառ ֆիլիպինցի կանաց խումբերը՝ թարմ ձուկերով լեցուն արկղերով, յատուկ պատկեր մը կու տան շրջանին: Աղբիւրը նաեւ կը գրէ, թէ Կիրակի երեկոները  սկիզբ կ'առնեն  Պէյրութի երթեւեկութեան խճողումով եւ Տորա շրջանին  շուրջ, աղմկոտ գործունէութեամբ մինչ  մեծ թիւով լիբանանահայեր իրենց  խաղաղ Կիրակին կ'անցընեն տունը՝ ընտանիքին եւ ընկերներուն հետ: Կայքը, որ յատուկ րէփորթաժ  մը հրապարակած է Պուրճ Համուտի մասի, նաեւ կը գրէ, թէ կիրակնօրեայ տեսարանը այստեղ կը պարզէ զարմանալի բազմազանութիւնը Պուրճ Համուտին, որ երբեմն կը կոչուի նաեւ Պէյրութի «Փոքրիկ Հայաստան»ը: Իր` որպէս համաշխարհային առաջին պատերազմի սարսափներէն փախստական հայերու ապաստան հիմնադրումէն մօտ մէկ դար ետք, Պուրճ Համուտը կը շարունակէ մնալ նորեկ եկուորներու եւ ճնշուածներուն նոր կեանք սկսելու վայրը: Այս աշխուժութեան արդիւնքով եւս ստեղծուած   է  մեծ  տարակարծութիւններով եւ դժուարութիւններով լեցուն  հակասական  իրավիճակ մը: Պուրճ Համուտը բարգաւաճման վայր ըլլալու կողքին, միաժամանակ աղքատութեան վայր է: Ան հսկայական գործարաններու, արդիւնաբերութեան տուն ըլլալով հանդերձ, միաժամանակ ձեռային մանր արհեստներու  կեդրոն  է: Շրջանը  լիբանանահայերու մշակութային օրրանն է, սակայն անոր բնակչութեան մեծամասնութիւնը հայեր չեն: Երբեմն դաւանանքային լարուածութիւնները` սուրիացի փախստականներու եւ լիբանանահայերու միջեւ, զարգանալով կը յանգեցնեն  բռնութիւններու: