Թուրքիա-(«Էլ Նաշրա»- Պէյրութ)PKK -ն Երկու Թուրք սպաներ առեւանգած է երկրի արեւելեան հատուածին մէջ: Առեւանգումը տեղի ունեցած է Թունճէլիի մէջ, ուր բաւականին լարուած իրավիճակ մը կը տիրէ: Նշենք, որ անցնող Յուլիսէն սկսեալ կառավարական ուժերուն եւ PKK-ին միջեւ տեղի ունեցած բախումներուն հետեւանքով սպաննուած են թուրք 130 զինուորներ իսկ PKK-ի զոհերուն թիւը հասած է 900 -ի: