Ռուսիա- («Ալ Մայատին»- Պէյրութ) Ռուսիոյ նախագահ Վլատմիր Փութին այսօր կարեւոր խօսքով հանդէս պիտի գայ: Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է «Ալ Մայատին» կայանը: Աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, որ Փութին կարեւոր կեցուածք պիտի յայտնէ թրքական սահմանին մերձ ռուսական «Սոխոյ» օդանաւի խոցման դէպքին մասին եւ նոր տուեալներ հաղորդէ անդին ծանրակշիռ կեցուածքներ պիտի յայտարարէ: Նշենք, որ Փութին աւելի վաղ ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի նիստ պահանջած էր: