Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափարը յղացած էր, տօնական օրերու առթիւ կազմակերպել նախաճաշ մը հրաւիրելով շրջանակին մէջ վարչութեան գործունէութիւնը գնահատող ազնուափայլ տիկիններ: Հինգշաբթի,17 Դեկտեմբեր 2015-ին, Սահակեան Լ. Մկրտչեան գոլէճի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ ամանորեայ նախաճաշը: Միջոցառման կը նախագահէր Տիկ Մարգրիտ Եողուրթճեանը: Ան Ուաշինկթընէն հիւրաբար կը գտնուէր Լիբանան, եւ անոր ծննդեան 90-րդ ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ մեծարանք:Ձեռնարկին բացումը կատարեց Տիկ. Անի Սարաֆեան Եփրեմեան, մայրերու նուիրուած բանաստեղծական փունջով մը, որ իր հարազատ մեկնաբանութեամբ յուզեց ներկայ բոլոր մայրերը: Ապա ան աւելցուց թէ, ճիշդ է որ այսօր մայրերու օր չէ սակայն մեզի համար, հայերուս համար տարուան իւրաքանչիւր օր մայրերու օր է: Ան նշեց թէ հայ մայրը կը զատորոշուի աշխարհի բոլոր մայրերէն եւ այս ամանորեայ ձեռնարկին ընդմէջէն ան մեծարեց ներկայ մայրերը ընդհանրապէս եւ օրուան նախագահուհին Տիկ. Մարգրիտ Եողուրթճեանը մասնաւորապէս:Ան ըսաւ թէ, հակառակ որ ան իր ամուսինը կորսնցուցած է երիտասարդ տարիքին, իր կեանքը նուիրած է իր զաւակներուն, ջամբելով անոնց ուսում եւ հայեցի դաստիարակաութիւն: Ան բազմազաւակ մայր է, ունի հինգ դուստրեր եւ մէկ մանչ զաւակ:Բացման խօսքէն ետք բեմ հրաւիրեց մտաւորական եւ դաստիարակ Տիկ. Ազատուհի Սիմոնեանը, որ ներկայացուց հայ կնոջ արժանիքները, եւ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Տիկ Մարգրիտ Եօղուրթճեանի կեանքին,գնահատելով զինք որպէս հայ նուիրեալ եւ օրինակելի մայր, որ հակառակ կեանքի ամէն տեսակ դժուարութիւններուն ան պահած է իր ընտանիքը եւ զաւակները, մասնաւորաբար յիշելով անոր մանչ զաւակը Պրն. Սարգիս Եողուրթճեանը, որ այսօր Ուաշինկթընի կեդրոնական դրամատան գլխաւոր խորհրդատուներէն մին է: Պատիւ հայ ազգին որ այսպիսի հայորդիներ ունի որոնք իրենց կարողութիւններով կը գրաւեն միջազգային բարձր դիրքեր:
Ձեռնարկի ընթացքին կատարուեցաւ պատշաճ յայտագիր մը: Հայկական եւ տօնական գեղեցիկ նուագներով ,դաշնամուրի վրայ ելոյթ ունեցաւ Վահան Սաղտճեան, որմէ ետք Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան «Արեգ» պարախումբի անդամներէն, Կարինէ Եփրեմեան Չոլաքեան ներկայացուց շատ տպաւորիչ մենապար մը:
Յայտագրի աւարտին հայկական, ժողովրդային եւ հայրենասիրական երգերով ելոյթ ունեցաւ տաղանդաւոր երգիչ՝ Նժդեհ Պոտրումեանը, որ իր անթերի մեկնաբանութեամբ մեծապէս խանդավառեց մթնոլորտը:
Տիկ. Մարգրիտ Եռղուրթճեանի ծննդեան 90-րդ ամեակին առիթով, բեմ հրաւիրուեցան ինք եւ իր բոլոր զաւակները միասնաբար հատելու համար այդ յատուկ առիթին համար պատրաստուած կարկանդակը:
ՍԴՀԿ Մարօ Նազարբէկեան վարչութիւնը եւ Ն.Ս.Մ.Մ-ի վարչութիւնը յուշանուէրով մը մեծարեցին օրուան նախագահուհին մաղթելով անոր առողջութիւն եւ ամենայն բարիք:
Օրուան մեծագոյն անակնկալն էր երբ վաստակաւոր բազմամեայ կրթական մշակ՝ Տիկ. Մաքրուհի Խաչատուրեան իր սրտին խօսքը փոխանցեց ներկաներուն, նախ շնորհաւորելով Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան վարչութիւնը այս գեղեցիկ գաղափարին համար, ապա օրուան ձեռնարկը որակեց երախտագիտական հաւաքոյթ նուիրուած հայ մօր, եւ մաղթեց որ մօր մը օրհնեալ ձեռքը անպակաս մնայ բոլորին գլխուն վրայէն:
Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, ուր բախտաւորները շահեցան արժէքաւոր նուէրներ:
Ձեռնարկի աւարտին Տիկ. Անի Սարաֆեան Եփրեմեան շնորհաւորեց բոլորին Նոր Տարին եւ Ս.Ծնունդը, մաղթելով բոլորին ամենայն բարին ըսելով՝ «Շնորհաւոր Նոր Տարի, գալուստդ թող ըլլայ բարի»: