image

Պաղտատ՝ Ապրելու Ամենավատ Քաղաքը Աշխարհի Մէջ

Պաղտատ՝  Ապրելու Ամենավատ Քաղաքը Աշխարհի Մէջ

Պաղտատ- («Ալ-Ժատիտ»-Պէյրութ)- 7-րդ Տարին ըլլալով, անընդմէջ, ամերիկեան Մէրսըր ընկերութեան կայացուցած կեանքի լաւագոյն որակ ապահովող երկիրներու դասակարգումին Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիէննան կը գլխաւորէ առաջին դիրքը:  Մինչ  վերջին տեղը զբաղեցուցած է Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատը: Այս մասին  լուրը կը փոխանցէ «Ալ-Ժատիտ»ը նշելով, որ դասակարգման չափանիշը պայմանաւորուած է երկրի  անվտանգութեան եւ քաղաքական կայունութեամբ:Ընդհանուր առմամբ Արեւմտեան Եւրոպայի քաղաքները  զբաղեցուցած են կարեւորագոյն  դիրքեր: Այդ  քաղաքներն են՝ Միինէխը  , Տիւսըլտորֆը,  Ֆրանքֆորթը , Ժընեւը եւ Քոփէնհակընը:Այս քաղաքներուն մէջ նաեւ կը գերիշխեն անձնական անվտանգութեան ապահովութիւնը, ուր  Լիւքսըմպրկը առաջին տեղ կը գրաւէ, իսկ  Պեռնը, Հելսինքին եւ Ցիւրիխը հաւասարապէս գրաւած են երկրորդ տեղ:Վերջին տարիներուն, շատ մը մեծ քաղաքներ անձնական ապահովութեան դասակարգման մէջ նահանջ արձանագրած են, ինչպէս  օրինակ, Փարիզը , Լոնտոնը  եւ Աթէնքը, այնտեղ կատարուած ահաբեկչական յարձակումներու եւ  ընկերային անապահովութեան պատճառով, - ինչպէս կը նշուի ուսումնասիրութեան մէջ:Իսկ Միջին Արեւելքի մէջ, Պաղտատ 230 քաղաք ներառնող համաշխարհային դասակարգման մէջ կը զբաղեցնէ վերջին դիրքը, իսկ նախավերջի դիրքը գրաւած է Դամասկոսը, նկատի ունենալով որ այնտեղ տիրող շարունակական բռնութիւններն ու ահաբեկչական յարձակումները կը ծանրաբեռնեն մարդոց՝ քաղաքացիներու եւ օտարներու առօրեայ կեանքը: