image

Մեծ Բրիտանիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրէն մահացածներուն թիւը գերազանցած է 20.000-ը. The Guardian

Մեծ Բրիտանիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրէն մահացածներուն թիւը գերազանցած է 20.000-ը. The Guardian

Մեծն Բրիտանիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրի հիւանդութենէն վերջին մէկ օրուայ ընթացքին մահացած է 813 մարդ: Ըստ The Guardian-ի, երկրին մէջ համաճարակի բռնկման պահէն ի վեր «Քորոնա» ժահրէն մահացած է 20.319 մարդ:

Կը նշուի, որ գիտական հարցերով խորհրդատու՝ Փաթրիք Վալանսը, 17 մարտին կը յուսար, որ «Քորոնա» ժահրէն մահացութեան ցուցանիշը կը յաջողին 20.000-էն ցած պահել:

25 Ապրիլի դրութեամբ՝ երկրի տարածքին 640.752 հետազօտութիւն կատարուած է, որմէ 28.760-ը վերջին մէկ օրուան մէջ:

Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա» ժահրէ վարակման 148.377 դէպք արձանագրուած է, որոնցմէ 127.714-ը աշխոյժ վարակակիրներ են: