RT ռուսական լրատուակայանը կը տեղեկացնէ, որ Գերմանիոյ վարչապետ Անկէլա Մէրքէլ Շաբաթ օր, 30 Յունուարին, յայտարարած է, որ փախստականի կարգավիճակ ձեռք բերած գաղթականները պիտի վերադառնան իրենց երկիրները, երբ վերջ գտնեն այնտեղ կատարուող ռազմական հակամարտութիւնները: Իր պատկանած Քրիստոնեայ-դեմոկրատական կուսակցութեան տեղական համաժողովին ելոյթ ունենալով, Մէրքէլ նշած է, որ տրամադրուող ապահովագրուած պաշտպանութիւնը Գերմանիոյ մէջ ներկայ պահին առաջին հերթին հիմնուած է Ժընեւի համաձայնութեան վրայ, որ սահմանուած է սկզբնական երեք տարի ժամկէտով:
Մէրքէլ նշած է նաեւ, որ հակառակ միաձուլման համար գործուած բոլոր ջանքերուն, սակայն պէտք է յստակացնել խնդրոյ առարկայ փախստականներուն, որ իրենք ունին ժամանակաւոր կեցութեան կարգավիճակ, աւելցնելով, որ «երբ խաղաղութիւն տիրէ Սուրիոյ մէջ եւ երբ «Տահէշ»ը պարտուի, իրենք պէտք է վերադառնան իրենց երկիրները»:
Գերմանիոյ վարչապետը նշած է նաեւ, որ 1990 թ. Եուկոսլավիոյ փախստականներու 70% -ը պատերազմէն ետք նոյնպէս վերադարձած են իրենց տուները: Բացի այդ, Անկէլա Մէրքէլ յայտարարած է, որ իր կառավարութեան կողմէ որդեգրուած նոր միջոցառումները պիտի նպաստեն գաղթականներու հոսքի դանդաղեցման դէպի Գերմանիա: Ան նաեւ յստակացուցած է, որ տակաւին եւրոպական մակարդակի վրայ գաղթականներու ճգնաժամի լուծման անհրաժեշտութիւնը կայ:
Մէրքէլ Քրիստոնեայ-դեմոկրատական կուսակցութեան անդամներուն նաեւ յայտնած է, որ այդ լուծումը պէտք է նախատեսէ Եւրոպական Միութեան արտաքին սահմաններու պաշտպանութիւնը եւ փախստականի կարգավիճակ ստանալ փափաքողներու հաւասարաչափ բաշխումը՝ ԵՄ-ի անդամ երկրներուն: