image

Կիւլէնիստ Առեւտրականներու Հետապնդումը Կը Շարունակուի Միացեալ Նահանգներու Մէջ

Կիւլէնիստ  Առեւտրականներու Հետապնդումը  Կը Շարունակուի  Միացեալ Նահանգներու Մէջ

Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Կիւլէնը ամբաստանուած է ոճրագործական կազմակերպութիւն վարելով եւ կառավարութեան դէմ ուղղուած յեղաշրջման փորձով, կը տեղեկացնէ «Տէյլի Սապահը»: Gülen շարժման հիմնադիրը, որ համեստ ապրելակերպ կը վարէ եւ  հոգեւոր առաջնորդ  է  բազմաթիւ հետեւորդներու, կը հսկէ հսկայական  առեւտրական  կայսրութեան  մը՝  Թուրքիոյ եւ ամբողջ աշխարհի մէջ: Թուրքիա պայքար կը տանի  Gülen շարժման դէմ եւ անոր անդամները կը մեղադրէ ԱՄՆ-ի դէմ ուղղուած ահաբեկչութեան մեղսակցութեամբ: Թուրքիա, այս ուղղութեամբ համագործակցելով  ԱՄՆ իշխանութիւններուն հետ, կը յետաքննէ Կիւլէնական շարժման տնտեսական գործունէութիւնները, այն երկրին մէջ, ուր շարժումը կը վարէ դպրոցներու ցանց մը, ստուգելով շարժման առեւտրային գործունէութիւնը Միացեալ Նահանգներէն ներս, յատկապէս «Կիւլէնական  թեքում»ով  դպրոցներուն մէջ: Համագործակցութեան ծիրէն ներս, Ամերիկան համաձայն գտնուած է Կիւլէնի շարժման հետ կապուած ընկերութիւններուն ֆինանսական տեղեկութիւնները եւ դրամի փոխանակման տուեալները փոխանցելու` կանխելու համար ահաբեկչութեան ֆինանասաւորումը:

Կիւլէն շարժումը ,  որ Թուրքիոյ մէջ կը վարէ Կիւլէնիսթ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը (FETÖ), մեղադրուած է  2013-ին  Էրտողանի գլխաւորած կառավարութիւնը տապալելու դաւադրութեան կազմակերպութեամբ:

Թրքական լրատուամիջոցներ  նաեւ կը  յայտնեն,  որ Էրտողան կոչ ըրած է Օպամային շարժման առաջնորդ՝ Ֆէթհուլլահ Կիւլէնը, որ ներկայիս կ'ապրի Փէնսիլվանիաի մէջ, յաւելեալ  սեղմումներու  ենթարկել եւ նոյնիսկ Ամերիկայէն արտաքսել:   

Ամերիկայի գաղտնի սպասարկութիւնը ՝ FBI-ը նոյնպէս կ'ուսումնասիրէ Կիւլէնի շարժման փոխկապակցութիւնը դպրոցներու ցանցին հետ, որոնք կը հանդիսանան ենթադրեալ ֆինանսական չարաշահումներու աղբիւրը:

Կը հաղորդուի նաեւ, որ Թուրքիոյ մէջ ձերբակալութեան 3 հրամաններ կան Կիւլէնի դէմ: