Իսրայէլի Քնեսեթը (միապալատ խորհրդարան) կիրակի հաստատած է 35-րդ դաշնակցային կառավարութեան կազմը, որ վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն ձեւաւորած է 2 մարտին տեղի ունեցած ընտրութիւններու հետեւանքով:
Ինչպէս կը յայտնէ ТАСС գործակալութիւնը, կառավարութեան կազմին վստահութիւն յայտնած են 120 պատգամաւորներէն 73-ը, որմէ ետք Նաթանիահուն եւ անոր դաշնակից գերծընկեր Պենի Կանցը մասնակցած են երդմնակալութեան արարողութեան:
«Լիքուտ» եւ «Քախոլ-Լաւան» կուսանկցութիւններու միջեւ կնքուած դաշինքի համաձայնութեամբ՝ Նաթանիահուն վարչապետի պաշտօնը պիտի զբաղցնէ մինչեւ 2021 թուականի նոյեմբերի կէսերը, որմէ ետք պաշտօնավարումը պիտի ստանձնէ Կանցը: