Իսրայէլ- («Տէյլի Սապահ»-Պոլիս) Աւելի քան 400 անչափահաս երեխաներ կան իսրայէլեան բանտերուն մէջ: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ «Տէյլի Սապահ»ը: Թերթը նաեւ կը գրէ, թէ այս տարուան սկիզբէն ի վեր իսրայէլեան մարմիններ ձերբակալած են 600 պատանիներ: Ըստ նոյն աղբիւրին, իսրայէլեան բանտերուն մէջ եղած ընդհանուր պաղեստինցիներուն թիւը կը հասնի 6500-ի: Նշենք, որ տարուան սկիզբէն ի վեր իսրայէլեան ուժերու կրակով սպաննուած պաղեստիցներուն թիւը հասած է 53-ի, որոնց 11-ը` անչափահասներ: