Յորդանանի իշխանութիւնները որոշած են փակել Արեւմտեան Ափին հետ ցամաքային բոլոր անցքերը։
Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց Sky News կայանը նշելով նաեւ, որ Ամմանի կառավարութիւնը այս քայլին կը դիմէ որպէս կանխազգուշական քայլ «Քորոնա» վարակի տարածման դէմն առնելու նպատակով։
Կը նշուի նաեւ, որ այսօրուընէ սկսեալ կը չեղարկուին (երթ ու դարձ) Ամման Պէյրութ եւ Ամման Դամասկոս բոլոր թռիչքները։
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Յորդանան նոյնպէս փակած էր իր օդային ճանապարհները Եգիպտոսի հետ, իսկ Ֆրանսայէն եւ Իտալիայէն ժամանող ուղեւորները պարտաւորուած էին երկու շաբաթով մեկուսացման մէջ մնալ։