«Արեւելք»- Սամար Մոհամմատ Պատաուի (34 Տարեկան) Սէուտցի աքթիւիսթ մըն է, որ վերջին տարիներուն բուռն պայքար կը տանի Սէուտական Արաբիոյ մէջ կանանց իրաւունքներուն համար: Պատաուիի անունը հանրութեան յայտնի դարձաւ 2010-ին, երբ վերջինս դատական հայց ներկայացուց հօր դէմ իր դէմ 15 տարիներուն վրայ երկարող սեռային ոտնձգութեան դէմ: Ան տեղական դատական մարմնի մը կողմէ երկրի իսլամական ըմբռնումները ոտնակոխելու մեղադրանքով 6 ամիսներ բանտարկուելէ ետք ազատ արձակուած է երկրի քաղաքացիական շարժումներուն բարձրացուցած ճնշումներէն ետք: Նշենք, որ Սամար կը համարուի առաջատարը Սէուտական Արաբիոյ մէջ կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեան ինչպէս նաեւ ընտրութիւններու մասնակցութեան եւ կանանց ինքնաշարժ վարելու պայքարներուն մէջ: 8 Մարտ 2012-ին ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Հիլարի Քլինթընի ձեռամբ ստացած է ամերիկեան գերատեսչութեան կողմէ յայտարարուած «քաջասրտութեան պարգեւ»ը: Սամար Մոհամմատ Պատաուի, երէկ երեկոյեան Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան ընթացքին ստացաւ «Հրանդ Տինք» անուան մրցանակը սակայն երկրէն դուրս գալու իր դէմ առկայ արգելքին պատճառով չկրցաւ արարողութեան մասնակից ըլլալ :
