image

Հալէպի Մէջ Սուրիական Բանակի Մատակարարման Միակ Ճանապարհը Փակուած Է

Հալէպի Մէջ Սուրիական Բանակի Մատակարարման Միակ Ճանապարհը Փակուած Է

Հալէպ- («Ալ-Ժատիտ»- Պէյրութ)- Սուրիոյ մարդու իրաւունքներու դիտորդ  կայքին համաձայն, ծայրայեղական ​​խմբակցութիւնները կրցած են կտրել   ռազմավարական այն  ճանապարհը, որ Հալէպի տարածքները կը կապէ բանակի հսկողութեան տակ գտնուող մնացեալ Սուրիոյ նահանգներուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Ժատիտ» նշելով, որ «Թուրքիստանի Իսլամական կուսակցութեան», «Ալ-քուտս»ի զինեալներ կազմակերպութեան եւ  կովկասցի գրոհայինները կրցած են երկուշաբթի կէսգիշերէն ետք  փակել  Հալէպի Խանասէրի ճանապարհը, իրենց վերահսկողութեան տակ առնելէ ետք ճանապարհին վրայ գտնուող Ռասմ ալ-նէֆըլ  գիւղը, Խանասէրի արեւմտեան շրջանի վրայ գործած  յարձակումի հետեւանքով: Նշենք, որ Հալէպ- Խանասէր ճանապարհը կը գտնուի Հալէպի հարաւ-արեւելեան արուարձանի շրջանը, որ կը հանդիսանայ միակ ճանապարհը, որ թոյլ կու տայ  Հալէպի արեւմտեան շրջանները գտնուող     սուրիական ուժերուն այդ ճանապարհով երկրի կեդրոնէն հասնիլ Հալէպ: Այս զարգացումները կ'արձանագրուին այն ժամանակ, երբ Սուրիոյ  ազգային  բանակի ուժերը կը շարունակեն շրջափակման տակ պահել քաղաքի գրեթէ բոլոր արեւելեան շրջաններու թաղամասերը, որ կը գտնուին ընդդիմութեան զինեալներու հսկողութեան տակ: