Գերմանիան ունի բոլոր հնարաւորութիւնները «Քորոնա» ժահրային վարակի երկրորդ ալիքէն խուսափելու համար, յայտարարած է երկրի ֆինանսներու նախարար Օլաֆ Շոլցը՝ նախազգուշացնելով, որ պատուաստանիւթի բացակայութիւնը ընկերային հեռաւորութեան պահպանում եւ փորձարկումներու անհրաժեշտութիւն կ'ենթադրէ, կը փոխանցէ Reuters-ը:
«Մենք կ'ապրինք ժահրի հետ, որ ես կը նկարագրեմ որպէս նոր ապրելակերպ: Եւ այդ կը փոխուի միայն այն պարագային, եթէ մենք դեղամիջոց եւ պատուաստանիւթ ունենանք,- ըսած է Շոլցը:- Քանի դեռ այդ չկայ, մենք պէտք է մեր կեանքը կազմակերպենք այնպէս, որ խուսափինք երկրորդ ալիքէն»: Ան աւելցուցած է, որ «շատ, շատ մեծ» հաւանականութիւն կայ, որ Գերմանիան կը կարողանայ խուսափիլ երկրորդ ալիքէն:
Ըստ Ռոպերթ Քոխի հիմնարկի (RKI) տուեալներուն՝ Գերմանիոյ մէջ վերջին օրուան ընթացքին SARS-CoV-2-ով վարակման 258 նոր դէպք գրանցուած է: Համաճարակի սկիզբէն ի վեր վարակման գրանցուած դէպքերու ընդհանուր թիւը աճած է մինչեւ 185.674 մարդ: «Քորոնա» ժահրի հետեւանքներէն ութ հիւանդ մահացած է, մահուան դէպքերու ընդհանուր թիւը հասած է 8763-ի: Վերականգնուած է ընդհանուր մօտ 171,600 մարդ, որմէ 400-ը՝ վերջին մէկ օրուան մէջ: