image

Եզիտիներու 6-րդ Հաւաքական Գերեզման Մը Յայնաբերուեցաւ Սինճարի մէջ

Եզիտիներու 6-րդ Հաւաքական  Գերեզման Մը Յայնաբերուեցաւ  Սինճարի մէջ

ԻՐԱՔ- («Ալ-Սաֆիր»-Պէյրութ)- Շաբաթ օր, Իրաքի Սինճար քաղաքի ծայրամասը, 10 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող  Ղընէյ Ալ Քատիմէ  (Հին Ղընէ) գիւղին մէջ, բացայատուած է  հաւաքական  գերեզմանոց մը, որ կը պարփակէ 123-ի    հասնող  եզիտի կիներու, երեխաներու, տղամարդոց աճիւններ, որոնք սպաննուած են   «Իսլամական Պետութեան» կողմէ (ՏԱՀԷՇ): Գերեզմանը շրջափակուած եղած է 127 ինքնանշան աշխատող պայթուցիկ թակարդներով, որոնք վնասազերծուած են   Իրաքի ուժային  մարմիններուն  կողմէ: Քաղաքը, ահաբեկչական կազմակերպութենէն ազատագրումէն ի վեր, այս մէկը  6-րդ գերեզմանն է, որ կը յայտնաբերուի  իշխանութիւններու կողմէ, եւ բոլորն ալ պատկանած են եզիտիներու, որոնք սպաննուած են կամ՝ գլխատուած ծայրայեղական կազմակերպութեան ձեռքով: Իրաքի քրտական իշխանութիւնները այս ամսու կէսերուն նոյնպէս գերեզման մը յայտնաբերած էին, որ կը պարունակէր տասնեակ եզիտի կիներու աճիւններ, որոնք նոյնպէս սպաննուած էին   ԻՊ-ին կողմէ: Յիշենք, որ «Տահէշ»ի կողմէ Սինճարի գրաւումը տեղի ունեցած էր  2014-ի Օգոստոսին,  կազմակերպութիւնը ահռելի վայրագութիւններ գործած էր հոն բնակող եզիտի փոքրամասնութեան դէմ: Նշենք նաեւ, որ 2014-ի ամրան ԱՄՆ կողմէ Իրաքի վրայ օդային յարձակումներու մեկնարկման յայտարարուած պատճառներէն մէկը հանդիսացած էր ահաբեկչական կազմակերպութեան կողմէ եզիտիներու դէմ իրագործուած այս յարձակումները: ՄԱԿ-ի եւ Ուաշինկթընի մէջ գործող «Հոլոքոսթի թանգարան» ին  կողմէ եզիտիներու դէմ եղած վայրագութիւնները ճանչցուեցան որպէս «ցեղասպանութիւն»: