Փարիզ-(«Ալ-Հայաթ» -Լոնտոն)- Անգարան Մոսկուայի հետ լարուածութիւնը մեղմացնելու նպատակով բոլոր կարելի միջոցները ձեռնարկած է, սկսեալ ռուսական օդանաւի դէպքի կապակցութեամբ իր «տխրութիւն»ը յայտնելէն, մինչեւ ռուս օդաչույի դիակի յանձնումը, յուսալով, որ այս բոլորի կողքին եւրոպական երկիրներու ջանքերու հետ մէկտեղ նախագահ Փութինի զայրոյթը կը մեղմանայ եւ կ'ընդունի Էրտողանին հետ տեսակցիլ Կլիմայի գագաթնաժողովի բացումի ընթացքին, որ կը կայանայ Փարիզի մէջ, այս մասին կը տեղեկացնէ լիբանանեան «Ալ-Հայաթ»ը: Աղբիւրը կը նշէ, որ գագաթնաժողովը կ'իրականանայ շատ խիստ անվտանգութեան հսկողութեան պայմաններու տակ, ուր Փութինի գտնուած վայրը գաղտնի կը մնայ: Մուսկուա մինչեւ այս մերժած է ճնշումներու բանեցումը եւ չէ պատասխանած Էրտողանի երկու օրերու ընթացքին Փութինի հետ հանդիպելու խնդրանքին:Գրէմլինի բանբեր՝ Տիմիթրի Պեսկով Շաբաթ օր ըսած է, որ դժուար է հիմա կանխատեսել, թէ ինչ ձեւ կը ստանայ Թուրքիոյ ղեկավարութեան պահուածքը յառաջիկային, մինչ Փութին ազգային անվտանգութեան ապահովութենէ դրդուած հրամանագիր մը ստորագրած է, որու համաձայն կ'արգիլուի Չարթըային թռիչքները դէպի Թուրքիա եւ նաեւ կ'արգիլուի ռուս գործատերերուն թուրք պաշտօնեաներ նշանակելը:Միւս կողմէ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմատ Տաուտօղլու կոչ կ'ուղէ Ռուսիոյ իշխանութիւններուն նկատի առնել երկու երկիրներու միջեւ եղած համատեղ շահերը եւ ըստ այնմ աշխատիլ հանդարտեցնելու համար ստեղծուած ճգնաժամը:Իր կարգին ՄԱԿ-ի գլախաւոր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտարարած է, որ Տահէշի դէմ դաշնակիցութեան երկու անդամներու միջեւ պատահած միջադէպը ցաւալի է եւ ան կոչ ուղղած է երկու երկիրներուն երկխօսութեամբ լուծել ճգնաժամային լարուածութիւնը:Միեւնոյն ժամանակ, Եւրոպայի անվտանգութեան եւ արտաքին գործերու պատասխանատու՝ Ֆէտէրքա Մոնկարինին յայտարարած է, որ ինք ճիգեր կ'իրականացնէ, որ Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ լարուածութիւնը չազդէ սուրիական հարցի վերաբերեալ ձեռք բերուած քաղաքական դրական գործընթացներուն վրայ: