Թրքական «T 24» կայքը կը փոխանցէ, որ ամերիկացի նշանաւոր լեզուաբան եւ փիլիսոփայ Նոամ Չոմսքին սուր քննադատութեան ենթարկած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը, զայն անուանելով մարդասպան: Չոմսքի իր խօսքին մէջ նշած է, որ կասկած չկայ, թէ Էրտողան ինքն է քիւրտերու դէմ յարձակում գործելու հրահանգներ արձակողն ու ճնշումներ բանեցնողը, որ մարդասպանի գործ է, նշելով, որ իր խօսքը ծայրայեղ մենատիրական ռէժիմի մասին է:
Կը նշուի նաեւ, որ Էրտողան Թուրքիոյ մէջ խաղաղութիւն հաստատալու կոչին տակ ստորագրած թուրք եւ արտասահմանեան գիտնականներուն դէմ դատական հետապնդում արձակած էր, եւ այդ կոչի տակ ստորագրած գիտնականներու շարքին եղած է նաեւ Չոմսքին: