Կազմակերպութեամբ՝ Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի գրական յանձնախումբին, շուրջ երկու հարիւր հանդիսատեսներու ներկայութեամբ Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցաւ գրող, գրաքննադատ, խմբագիր եւ ուսուցիչ Պօղոս Սնապեանի կեանքին եւ գրական վաստակին նուիրուած յիշատակի հանդիսութիւն: Բանախօսն էր իր աշակերտներէն՝ գրող, գրաքննադատ եւ ուսուցիչ՝ Յարութիւն Պէրպէրեան, որ այս առիթով հրաւիրուած Մոնրէալէն։ Ձեռնարկի հադիսավարն էր Թամար Տօնապետեան Գուզուեան. տեղի ունեցաւ պատշաճ գեղարուեստական յայտագիր:
