Թուրքիա- ( T24.com- Պոլիս) Թուրքիոյ վարչապետը հայերուն դէմ վիրաւորական յայտարարութեամբ հանդէս եկած է: Այս մասին կը գրէ թրքական T24.com կայքը: Աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, թէ Տաւութօղլու ելոյթ մը ունենալով քիւրտերը քննադատած պահուն ըսած է, թէ այսօր տեղի ունեցածը Հայ աւազակապետներուն ըրածին կը նմանի, որոնք կը համագործակցէին Ռուսիոյ հետ: Կը նշուի նաեւ, որ Տաւութօղլուի ըրած քննադատութեան թիրախը մասնաւորապէս քրտամէտ Հա Տէ Բէ կուսակցութիւնն է:Վերջին ամիսներուն Թուրքիոյ մէջ քրտական հարցին պատճառով արիւնալի բախումներէն զատ քաղաքական սուր լարուածութիւն մը երեւելի դարձած է: