image

12,000 Սուրիացի Փախստականներ՝ Յորդանանի Սահմանին Վրայ

12,000 Սուրիացի Փախստականներ՝ Յորդանանի Սահմանին Վրայ

Սուրիա- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)- ՄԱԿ-ի փախստականներու գծով գերագոյն յանձակատարը  յայտարարած է, որ շուրջ 120,000 մարդ, որոնք փախած են Սուրիոյ մէջ տիրող պատերազմէն կը գտնուին Յորդանանի սահմանին, եւ կոչ ուղղած է իշխանութիւններուն արտօնել անոնց մուտքը  այս մասին կը տեղեկացնէ «Տէյլի Սապահ»ը: Աղբիւրը կը նշէ նաեւ, որ ՄԱԿ-ի փախստականներու յանձնակումբը (UNHCR) զգուշացնելով մարդասիրական պայմաններու վատթարացումէն,դէմած է Ամմանի  կառավարութեան, որ մուտքի արտօնութեան մէջ առաջնահերթութիւն տրուի ամէնէն անկեալ պարագաներուն՝ տարեցներուն, վեց ամսականէն վար երեխաներուն եւ յղի կանանց:

Աղբիւրը նաեւ կը տեղեկացնէ, որ փախստականները գտնուաած են անապատային եւ քարքարոտ, ջուրէ, հովանիէ եւ բուսականութենէ զուրկ վայրի մը մէջ, որու հետեւանքով առողջապահական վիճակը երթալով անկում կ'ապրի արձանագրելով ծանր վիճակներ:

Իր հերթին Human Rights Watch նշած է, որ բաւարար միջոցներ չկան բաւարարելու սահմանին վրայ օրէ օր թիւով աճող մարդկանց կարիքները, եւ եթէ  Յորդանան չարտօնէր անոնց անցնիլը , նախատեսուած է, որ մինչեւ տարեվերջ  սահմանին գտնուող մարդոց թիւը հասնի  20,000-ի:

Աղբիւրէն կ'իմանանք, որ մինչ այդ Յորդանան արդէն ընդունած է 630,000 փախստականներ, ինչը ենթակառուցուածքներու, տնտեսական, ինչպէս նաեւ ապահովագրական ծանր  վիճակի մը  մատնած է երկիրը: