image

10.000 Փախստական Երեխաներ Անհետացած են Եւրոպայի Մէջ

10.000 Փախստական Երեխաներ Անհետացած են Եւրոպայի Մէջ

Եւրոպա- («Ալ-Սաֆիր»-Պէյրութ)- Վերջին մէկ տարուայ ընթացքին աւելի քան տասը հազար փախստական երեխաներ «կորսուած են» Եւրոպա ժամանալէ ետք: Այս մասին կը տեղեկացնէ լիբանանեան «Ալ-Սաֆիր»ը, նշելով, որ այստեղ խօսքը Միջերկրականի մէջ խեղդուած զոհերուն չի վերաբերիր, այլ այն հազարաւոր երեխաներուն, որոնք «անհետացած են» Եւրոպա ժամանումէն ետք եւ որոնց ճակատագիրը կը մնայ անյայտ:

Թերթը կը նշէ, որ այս զգուշաւորութեան հրաւիրող մեծ թիւով կորսուած երեխաներուն մասին անդրադառնալով «Փրկէք երեխաները» (Save The Children) ծրագրի ղեկավար Ռաֆայէլ Միլանը, նշած է, որ «Գաղթականներու մէջ ամենատկար խումբը կը կազմեն երեխաները», մանաւանդ այն երեխաները, որոնք առանձին կը հասնին օտար երկիր, առանց մեծահասակներու ուղեկցութեան, եւ որոնց թիւը անցեալ տարի հասած էր 26,000-ի: Կը նշուի նաեւ, որ վերջին տարուայ ընթացքին առանց ծնողներու ընկերակցութեան Եւրոպա հասած աւելի քան տասը հազար կորսուած երեխաներու ճակատագրի շուրջ մտավախութիւն կայ, որ անոնք օգտագործուին երեխաներու առեւտուրով զբաղուող յանցախումբերու կողմէ:Տուեալներու համաձայն անոնցմէ 5000ը  անհետացած են Իտալիոյ մէջ, իսկ 1000 երեխայ՝ Շուէտի: Նման հարցերով զբաղուող «Europol»ը յայտնած է, որ ապացոյցներ կան, որ փախստականներու տեղափոխութեան մաքսանենգութեամբ զբաղուող յնցախումբերը կապուած են մարդկային թրաֆիքինկով զբաղուող հրոսակախմբերու հետ, որոնք կը շահագործեն գաղթականները տարբեր սեռական, օրկաններու վաճառքի եւ այլ նպատակներու համար:

«Europol»ի գնահատմամբ անցեալ տարի Եւրոպա ժամանած մէկ միլիոն փախստականներէն, որոնք հիմնական սուրիացիներ են, 27 տոկոսը երեխաներ եղած են: