image

Զմմառու Վանքի մեծաւորին մատուցած պատարագով. Նշուած է Աստուածածնայ Անարատ յղութեան տօնը (Լուսանկարներ)

 Զմմառու Վանքի մեծաւորին  մատուցած պատարագով. Նշուած  է Աստուածածնայ Անարատ յղութեան  տօնը (Լուսանկարներ)
Օրերս  Լիբանանի  Զմմառու Հայ  Կաթողիկէ  Վանքի Մեծաւորին  մատուցած  Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով  նշուած է  Աստուածածնայ Անարատ յղութեան  տօնը։
Այս մասին «Արեւելք»  վերահասու   կը դառնայ  Զմմառու Արծիւեան Վանքի   դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

Սրբոյ Կուսին Մարիամու Աստուածածնայ Անարատ Յղութեան Տօնի առթիւ,  Շաբաթ 9 Դեկտեմբերի առաւօտեան, Զմմառու Վանքի հասարակութիւնը մասնակցեցաւ Սուրբ եւ Անմահ պատարագին, զոր մատոյց Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր՝ Գերպ. Գէորգ Թ.Ծ.Վ. Նորատունկեան, ներկայութեամբ՝ Անարատ Յղութեան առաքինազարդ քոյրերու եւ Զմմառու վանաբնակ հայրերուն։ 

նշենք, որ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութիւնը կը կրէ Աստուածամօր ամենագեղեցիկ տիտղոսներէն մէկը: Իր ընդհանուր վախճանն է. "Իրագործել Աստուծոյ ծրագիրը եւ փնտռել միայն Աստուծոյ փառքը": Իսկ առանձնայատուկ նպատակն է."Ծառայել Հայ Ժողովուրդի զաւակներուն, բարոյական ու տոհմային դաստիարակութեամբ"։