Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը 29 Յունուարին ընդունած է Եւրոպական յանձնաժողովի հարեւանութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու հարցերով ԵՄ յանձնակատար Եոհաննէս Հանը: Այս մասին կը տեղեկանանք կառավորութեան մամլոյ ծառայութենէն։
Ողջունելով ԵՄ յանձնակատարի գլխաւորած պատուիրակութիւնը՝ Նիկոլ Փաշինեանը նշած է, որ Հայաստանը կը կարեւորէ Եւրոպական միութեան հետ համագործակցութեան խորացումը: Վարչապետը բարձր գնահատած է ՀՀ ժողովրդավարական զարգացման եւ բարեփոխումներու գործընթացին ԵՄ կողմէ ցուցաբերուող աջակցութիւնը եւ նշած, որ Հայաստանը պատրաստ է շարունակելու փոխգործակցութիւնը Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի շրջանակէն ներս: «Ժողովրդավարութիւնը մեր հասարակութեան համար արժէք է, ներքին համոզմունք, այլ ոչ թէ աշխարհաքաղաքական կողմնորոշում: Այս ծիրէն ներս կարեւորում ենք ԵՄ աջակցութիւնը Հայաստանում տեղի ունեցող ժողովրդավարական բարեփոխումներին», - նշած է Նիկոլ Փաշինեանը:
Իր հերթին Եոհանէս Հանն ընդգծած է, որ Եւրոպական միութիւնը կը կարեւորէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումը եւ պատրաստ է նպաստելու տարբեր ոլորտներու մէջ ՀՀ կառավարութեան նախաձեռնած բարեփոխումներու իրականացման: ԵՄ յանձնակատարը ողջունած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդավարական փոփոխութիւնները՝ ընդգծելով, որ «Արեւելեան գործընկերութեան» ծրագրի մասնակից Հայաստանը կարեւոր գործընկեր է ԵՄ-ի համար:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու օրակարգի շուրջ, անդրադարձած՝ Համապարփակ եւ ընդլայնուած համագործակցութեան համաձայնագրին վերաբերող հարցերուն: Արծարծուած են, մասնաւորապէս, ժողովրդավարական հիմնարկներու զարգացման, օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, դատական համակարգի բարեփոխման, կաշառակերութեան դէմ պայքարին, գործարար միջավայրի բարելաւման վերաբերող հարցեր:
Երկուստեք կարեւորուած է յատկապէս անկախ դատական համակարգի ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը:
Նիկոլ Փաշինեանը եւ Եոհանէս Հանը քննարկած են նաեւ տնտեսական գործակցութեան յետագայ ընդլայնման, ԵՄ կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացուող զարգացման ծրագրերու ընդլայնման հնարաւորութիւնները:
ՀՀ վարչապետը եւ ԵՄ յանձնակատարը միտքեր փոխանակած են նաեւ տարածաշրջանային խնդիրներու, այդ շարքին՝ ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի շուրջ: