Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի շրջածիրէն ներս կայացած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հանդիպումը:
Ողջոյնի խօսքին մէջ վարչապետ Փաշինեանը նշած է. «Հաճելի է Ձեզ տեսնել այսօր։ Մենք գնահատում ենք այն դինամիկան, որ ունենք մեր երկկողմ յարաբերութիւններում։ Կարծում եմ` մենք հաստատել ենք շատ արդիւնաւէտ գործընկերութիւն եւ 2019-ին սկսեցինք Ռազմավարական երկխօսութիւնը: Այս տարին եւս կարեւոր է, մենք սպասում ենք մեր Ամերիկեան գործընկերների հետ բաւականին ծաւալուն օրակարգով նիստին։ Սա շատ լաւ հնարաւորութիւն կը լինի՝ քննարկելու տարբեր հարցեր, մեր երկխօսութիւնն առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու համար։ Ի հարկէ, տարածաշրջանային հարցերը եւս շատ կարեւոր են մեր օրակարգի համար։ Դժբախտաբար, այս պահին Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ առկայ է լարուածութեան նոր փուլ, վերջերս տեղի ունեցաւ լարուածութեան նոր աճ, որը պատճառ դարձաւ մեծ կորուստների։ Հայ դիրքապահներ սպանուեցին Ադրբեջանի հետ սահմանին։ Ես կը ցանկանայի այս իրավիճակը եւս քննարկել Ձեզ հետ»։
Իր հերթին Էնթընի Պլինքըն նշած է. «Հաճելի է այսօր հանդիպել Ձեզի՝ պարոն Փաշինեան։ Հայաստանը շատ արժէքաւոր գործընկեր է ԱՄՆ-ի համար, եւ մենք կը գնահատենք անոր՝ կայուն խաղաղութեան հանդէպ յանձնառութիւնը։ Մենք նաեւ կրնանք զօրացնել մեր երկիրներու միջեւ կապերը բոլոր ուղղութիւններով։ Մենք այս ամէնը քննարկած ենք վարչապետ Փաշինեանի հետ»։
Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-ԱՄՆ յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերուն վերաբերող թեմաներ, կարեւորած ռազմավարական երկխօսութեան հետեւողական զարգացումը:
Անդրադարձ կատարուած է Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին:
Նիկոլ Փաշինեանը բարձր գնահատած է անձամբ պարոն Պլինքընի ջանքերը՝ բանակցային գործընթացին ու երկխօսութեանն աջակցելու, Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովման ուղղութեամբ: Վարչապետը վերահաստատած է Հայաստանի Հանրապետութեան պատրաստակամութիւնը՝ երթալ յստասկ լուծումներու, մասնաւորապէս, արդէն իսկ միջազգային հարթակներու վրայ գրաւոր կերպով հրապարակային արձանագրուած սկզբունքներու հիման վրայ:
Էնթընի Պլինքըն ընդգծած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան կամքը`շարունակելու ջանքերը բանակցային ու խաղաղ գործընթացին, եւ երկխօսութիւնը շարունակելու յոյս յայտնած:
Հանդիպման միտքեր փոխանակուած են նաեւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ:
Արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակման համաձայն՝ եռակողմ հանդիպում նախատեսուած չէ: