image

Զարիֆ. Կովկասեան դառն պատերազմը չպէտք է կրկնուի

Զարիֆ. Կովկասեան դառն պատերազմը չպէտք է կրկնուի

Իրանի արտաքին գործոց նախարար՝ Մոհամմատ Ճաւատ Զարիֆ շաբաթ օր յայտարարած է, որ երկիրները պէտք է քայլեր ձեռնարկեն, որպէսզի կովկասեան պատերազմի դառն փորձը չկրկնուի, հաղորդած է IRNA-ն:

Ըստ Զարիֆին, անոր միակ միջոցը օգտակար համագործակցութիւնն է, եւ Նախիջեւանը կարող է ուրոյն դեր ունենալ այս եւ փոխադրային ուղիներու ստեղծման գործով:

Նախիջեւանի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ, Զարիֆ գոհունակութիւն յայտնած է, որ իր տարածաշրջանային շրջագայութիւնը սկսած է Պաքուէն եւ աւարտած Նախիջեւան, աւելցնելով, որ «Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւնը ապագայ խաղաղութեան կեդրոնն է տարածաշրջանին»:

Հիմնուելով Ատրպէյճան, Ռուսաստան, Հայաստան, Թուրքիա եւ Վրաստան այցելութիւններու շուրջ բանակցութիւններուն վրայ, Զարիֆ յոյս յայտնած է, որ կը յաջողին համապարփակ համագործակցութիւն ստեղծել տարածաշրջանէն ներս, Հարաւ-Հիւսիս եւ Հարաւ-Արեւմուտք միջանցքներու երկայնքով, աւելցնելով, որ միջանցքները կը կապեն Պարսից ծոցը Ռուսաստանի եւ Սեւ ծովի հետ, եւ երկուքին մէջ ալ Նախիջեւանը կարեւոր դեր ունի: