Իրաքեան Քիւրտիստանի Զախոյի շրջանի ղիկավար եւ լիազոր պատասխանատու Մուշիր Մոհամատ Պաշիր , այցելած է Զախոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի։
Պատասխանատուն ընդունուած է Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մասիս քհնյ. Շահինեանը, ինչպէս նաեւ Վարչութեան նախագահն ու անդամները գլխաւորութեամբ Զախոյի խորհրդարանի անդամ Տիար Վահիկ Սարանեանի եւ ճարտարագէտ Հակար Սալամի։
Նշենք, որ «Արեւելք» աւելի վաղ գրած էր, որ Զախոյի Հայց. Առաքելական Եկեղեցին հիմնապէս պիտի վերանորոգուի եւ այդ աշխատանքներուն մեծապէս սատար կը կանգնին շրջանի պատասխանատու մարմինները։